Բիքֆայայի Սուրբ Աստվածածին վանքում հանդիպել են Արամ Ա կաթողիկոսն ու Աֆրամ Բ պատրիարքը.
«Քիչ առաջ, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, երկար հանդիպում կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Պատրիարքին միջեւ։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան. իսկ Պատրիարքին կողքին՝ Պուլոս Արք. Սաֆար, Տանիէլ Արք. Քուրիէ եւ Ժոզէֆ Եպս. Պալի։
Խօսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը, արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ու կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն դիմագրաւող հարցեր։
Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ Մալապարի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ յարաբերութեանց առնչուած հարցերուն»:
42