Հաղորդագրության մեջ ասված է.
«Վաղը Երեքշաբթի, 11 Յունիս 2024-ի առաւօտուն, միօրեայ այցելութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պիտի մեկնի Վատիկան:
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրուած է Վատիկանի Արեւելեան Համալսարանին մէջ դասախօսութիւն տալու «Կրօնքին դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» նիւթին շուրջ:
Վատիկան կատարելիք իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ պիտի ունենայ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարին, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահին եւ արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու բաժանմունքի նախագահին հետ:
Սոյն այցելութեան Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերակցի Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան»: