Տեառնընդառաջի տոնն է նշվել Անթիլիասի Մայրավանքում, հայտնում են Կիլիկիո Կաթողիկոսության մամուլի ծառայությունից․
«Քառասնօրեայ մանուկ Յիսուսին տաճար ընծայման տօնի՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, հայ եկեղեցին ամէն տարի կը նշէ Փետրուար 13-ին։ Ժամերգութեան ընթացքին արտասանուած յատուկ աղօթքներն ու շարականները, մանաւանդ Անդաստանի հոգեզմայլ արարողութիւնը, կը ջերմացնեն հաւատացեալներու հոգին։
Առ այդ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթոիկոսին, Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնի` Տեառնընդառաջի նախատօնակը։
Արարողութեան ընթացքին իր հայրապետական պատգամը հաւատացեալներուն ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը։ Պատգամելով օրուան խորհուրդին մասին՝ ան դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի անձին ու կեանքին մէջ աշխարհը ողջունեց Աստուծոյ ու մարդուն միացեալ ներկայութիւնը։ Աւելին, Քրիստոս յարգեց ու հաւատարմօրէն կատարեց այն աւանդութիւնները, որոնք եբրայական կրօնքին մաս կը կազմէին. այդ աւանդութիւններէն մէկը մանուկին տաճար ընծայման աւանդութիւնն էր։ Նորին Սրբութիւնը լուսարձակի տակ առաւ Քրիստոսի ծնողքը իր զաւակը Աստուծոյ ընծայելու արարքը եւ ըսաւ, որ այս տօնին նշման ճամբով մեր եկեղեցին կը յիշեցնէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ մեր մանուկները, Քրիստոսի օրինակին նման, պէտք է ընծայուին Աստուծոյ, յանձնուին Աստուծոյ հոգատարութեան ուպաշտպանութեան, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ զաւակներ են եւ կոչուած են Աստուծոյ շնորհքով ու իմաստութեամբ ապրելու։
Անդրադառնալով ներկայ տարին աւանդութիւններու վերակենսաւորման հռչակումին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս անգամ մը եւս շեշտեց աւանդութիւններուն կարեւորութիւնը՝ եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ։ Պատահական կերպով մեր եկեղեցին եւ ժողովուրդը աւանդութիւններ չեն հաստատած իրենց կեանքին մէջ։ Իւրաքանչիւր աւանդութիւն պատգամ մը ունի ուղղուած բոլորիս։ Ազգեր ու ժողովուրդներ աւանդութեամբ կ՚ապրին ու գոյատեւեն։ Իրենց աւանդութիւնը կ՚ապրեցնեն իրենց կեանքին մէջ։ Այդ աւանդութիւնները ժողովուրդին ինքնութիւն կու տան, ժողովուրդին միասնակամութիւնը ու ամբողջականութիւնը կ՚երաշխաւորեն։ Մեր եկեղեցին այնքան գեղեցիկ աւանդութիւններ ունի, որոնք կոչուած են մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ներկայութիւն դառնալու, ընդգծեց Հայրապետը։
Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ հայ ընտանիքին, յատկապէս հայ մօր, հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին կենսական դերը աւանդութիւններու վերակենսաւորման եւ, հետեւաբար, քրիստոնեայ ճշմարիտ հայու կերտման առաքելութեան մէջ։ «Ահաւասիկ երեք դաստիարակներ մեզի համար, որոնք կոչուած են մեր մանուկներու կեանքին մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը, մեր ազգին ու եկեղեցւոյ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքները արծարծ պահելու։ Ահաւասիկ այս տօնէն եկող պատգամը եւ յիշեցումը մեր ժողովուրդի զաւակներուն» ըսելով՝ եզրափակեց Հայրապետը իր պատգամը։
Հայրապետական պատգամէն անմիջապէս ետք, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեան սուրբ խորանէն Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող ճրագը բերաւ Վեհափառ Հայրապետին։ Իր կարգին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը Քրիստոսի լոյսը բաշխեց հաւատացեալներուն։
Ապա, մանուկներու տաճար ընծայելու արարողութենէն ետք, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Մայրավանքի շրջափակ, ուր Հայրապետը Ս. Սեղանէն բերուած ճրագով վառեց Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը, իսկ դպրեվանեցիներն ու ժողովուրդը միասնաբար երգեցին հոգեւոր ու ազգային երգեր»։
37