Սուրբ Պատարագի աւարտին, «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականին երգակցութեամբ, Մայր Տաճարի լուսարարապետ հայր սուրբը՝ Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեան, սուրբ խորանէն իջեցուց Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց Հայրապետին։ Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, զայն բաշխեց հաւատացեալներուն՝ աւետելով Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը։
Հուսկ, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր Արամ Ա. Կաթողիկոսին ձեռամբ տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան միաբան հայրեր, Դպրեվանքի աշակերտներ եւ հաւատացեալներ։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»։