3 Մարտի, 2025
Հունաստանի հայ կաթողիկե վարդապետները այցելել են Հունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդին․
«Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2025-ին Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ Սահակ Եպս. Եմիշեան Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Յունաստանի հայ Կաթողղիկէ Առաքելական նախկին կառավարիչ` Գերյ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզեզեանը եւ նորանշանակ Հայր Միքայէլ Վ. Պասալէն, որոնց նաեւ կ՛ընկերանար Աթէնքի Գերման Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Ներսէսը։
Հայր սուրբերը նախ շնորհաւորեցին Սրբազան Հօր Եպիսկոպոսական օծումը եւ բարի ծառայութիւն մաղթեցին նուիրական առաքելութեան մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին նախ ողջունեց Հայր Յովսէփի ծառայական տարիները Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքին եւ յաջողութիւն մաղթեց նոր առաքելութեան մէջ։ Ապա բարի գալստեան խոսքերով ողջունեց նորանշական Հայր Միքաէլը եւ յաջողութիւն մաղթեց Յունաստանի մէջ ստանձնած իր նոր պաշտօնը եւ բարի ծառայութեան մղթեց։
Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով արտայայտուեցաւ հայկական երկու համայնքներու եղբայրական եւ սերտ յարաբերութիւններու մասին եւ յոյս յայտնեց թէ նոյն մտերմութեամբ կը շարունակուի Յունաստանի հայ համայնքի ծառայութիւնը»։

Լրահոս